
Թուրքիոյ Հայ Համայնքը Նման է Սառցաբեկորի, Որ Կը Հալի 82 Միլիոնանոց Ծովուն Մէջ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք
Թրքական «Hurriyet» իշխանամէտ թերթը լոյս ընծայած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ իրականացուած ծաւալուն հարցազրոյցին 2-րդ մասը:
Ermenihaber.am-ը կը ներկայացնէ հարցազրոյցի 2-րդ մասին առաւել ուշագրաւ հատուածները.
– Ըստ Ձեզի՝ հայ համայնքին ամենակարեւոր խնդիրը ո՞րն է:
-Մեր ամենամեծ խնդիրը ժողովրդագրութիւնն է: Մեր բնակչութիւնը արագ քայլերով կը նուազի: Ամէն 12 ծնունդի դիմաց 26 հոգի կը կորսնցնենք: Ահազանգող իրավիճակ է: Մենք 82 միլիոնանոց (Թուրքիոյ բնակչութեան քանակը-խմբ.) ծովուն մէջ գտնուող սառցաբեկորի մը նման ենք: Եւ կը հալինք: Արտագաղթ ալ ունինք: այս պահուն Թուրքիոյ մէջ ամենամեծ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնն ենք՝ 50-60 հազար բնակչութեամբ: Սակայն մեր աչքին առջեւ ունինք օրինակ մը՝ Պոլսոյ մէջ յունական փոքրամասնութեան քանակի նուազումն է, որ այսօր 2 հազարէն ալ պակաս է:
– Բնակչութեան նուազումէն բացի ի՞նչ խնդիր կայ:
-Մեր 2-րդ խնդիրը պաշտօնական կանոնադրութեան բացակայութիւնն է: Հանրապետութիւնը մեզի ոչ մէկ կարգավիճակ տուած է: Տէ ֆաքթօ գոյութիւն ունինք, բայց օրէնքով՝ ո՛չ:
– Բայց արդեօ՞ք Լոզանի պայմանագիրը չ՝երաշխաւորեր ատիկա:
-Լոզանը կ՝երաշխաւորէ մեր գոյութիւնը: Սակայն ատոր ներքին կարգաւորումները վերապահուած է Թուրքիոյ: Հայոց պատրիարքարան ձեւակերպում որեւէ կերպ գոյութիւն չունի: Այս վիճակը կը ստեղծէ շատ դժուարութիւններ, օրինակ՝ դատարան մտնել, սեփականութիւն ունենալ: Նույիսկ այս շէնքը (նկատի ունի պատրիարքութեան շէնքը), որուն մէջ մենք կը գտնուինք, Պատրիարքարանին չի պատկանիր, դիմացի եկեղեցւոյ կը պատկանի: 38 եկեղեցի ունինք ու 42 հիմնադրամ: Մեր 38 եկեղեցիները 38 առանձին իշխանութիւններ են:
– Ձեր կարծիքով մեր մօտ քրիստոնէաֆոպիա կա՞յ:
-100 տարի առաջ բնակչութեան ամէն երրորդը քրիստոնեայ էր: Այժմ ամէն հազարերորդն է քրիստոնեայ: Ձեր կարծիքով այստեղ քրիստոնէաֆոպիա չկա՞յ:
Այս դարուն Մալաթիոյ մէջ 3 միսիոներ սպաննուեցաւ՝ 2 ժամ խոշտանգուելով:
Երբ իրենց ձախակողմեան բնորոշող քաղաքական գործիչներ ի յայտ եկան, ըսին թէ իբր անոնք Թուրքիան կը քրիսոնէականացնեն: Սուտեր տարածեցին՝ ըսելով երկրին մէջ 23 հազար եկեղեցի բացուած է: Վախ տարածեցին (քրիստոնէութեան նկատմամբ-խմբ.): Բայց այս կառավարութեան (Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան») գալով գործերը քիչ մը դիւրացան»: