Ժընեւի Մէջ Աւարտած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներուն Հանդիպումը

Աշխարհ, Հայաստան

Ժընեւի մէջ աւարտած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկըր Փոփովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնդիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիքի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ իրականացուող հանդիպումը:

Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Աննա Նաղդալեան։