
Դաւիթ Տօնոյեան Զինակոչիկներուն Խաղաղ ու Անվտանգ Ծառայութիւն Մաղթած է
Ձմեռնային զօրակոչի ընթացքը տեղւոյն վրայ դիտարկելու նպատակով՝ Դեկտեմբեր 24-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելած է ՊՆ կեդրոնական հաւաքակայան։
Armradio.am-ի տեղեկութիւններով՝ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը զրուցած է զինակոչիկներու հետ, հետաքրքրուած անոնց տրամադրուածութեամբ եւ խաղաղ ու անվտանգ ծառայութիւն մաղթած։
Դաւիթ Տօնոյեան հետեւած է զօրակոչի ընթացքին, բժշկական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, զրուցած բժիշկներու հետ:
Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ Կեդրոնական հաւաքակայանի ճաշարան, ծանօթացած մատուցուող սնունդի վերաբերեալ զինակոչիկներու կարծիքներուն եւ լսած անոնց առաջարկները:
Շրջայցի աւարտին Դաւիթ Տօնոյեան յանձնարարականներ տուած է զօրակոչի կազմակերպման պատասխանատուներուն՝ գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու, առողջական խնդիրներ ունեցող երիտասարդներու զօրակոչը բացառելու եւ զինակոչիկներու կրթութիւնն ու մասնագիտական կարողութիւնները հաշուի առնելու վերաբերեալ։