
Գիրքերու Ցուցահանդէս եւ Տօնավաճառ Գոքինիոյ Մէջ
Ամէն տարիներուն նման, Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի Ծնողական միութիւնը վերանորոգեց իր ժամադրութիւնը ընթերցասէր աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ, անգամ մը եւս կազմակերպելով գիրքերու տօնավաճառ եւ տրամադրելով հայկական եւ յունական գիրքերու ճոխ ցանկ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի «Ազատ օր»-ը։
Շաբաթ՝ 14 Դեկտեմբերէն մինչեւ Չորեքշաբթի՝ 18 Դեկտեմբերին, մեծ թիւով ծնողներ, հայրենակիցներ եւ աշակերտներ ընդառաջեցին հրաւէրին եւ քաջալերեցին կատարուած աշխատանքը, որուն հասոյթը կը տրամադրուի վարժարանէն ներս զանազան կարիքներու գոհացման համար։