Հայաստանի եւ Արցախի Նախագահները Քննարկած են Համագործակցութեան Հարցեր

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Դեկտեմբեր 20-ին, աշխատանքային այցով ժամանած է Արցախի Հանրապետութիւն։

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Նախագահները քննարկած են հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցեր: