
Դոկտ. Հասսան Տիապ 69 Երեսփոխաններու Ձայներով Նշանակուեցաւ Լիբանանի Վարչապետ
Դեկտեմբեր 19-ի առաւօտեան Լիբանանի նախագահական պալատին մէջ սկսան վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց վերջնական պատկերը եղաւ հետեւեալը. Հասսան Տիապ` 69, ոչ ոք` 43, Նաուաֆ Սալամ` 14 եւ Հալիմա Քաաքուր` 1, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։
Նոր նշանակուած վարչապետ դոկտ. Հասսան Տիապ մեկնեցաւ նախագահական պալատ` տեղեկանալու համար իր նշանակումին որոշումը:
Նոր նշանակուած վարչապետ դոկտ. Հասսան Տիապ նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք նախագահէն տեղեկացած է երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն եւ իբրեւ նոր վարչապետ իր նշանակումին մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին եւ երեսփոխաններուն իրեն շնորհուած վստահութեան համար: Ան ընդգծեց, որ նախագահին հետ միասին եւ հիմնուելով Սահմանադրութեան վրայ, պիտի աշխատի, որպէսզի նոր կառավարութիւնը ըլլայ լիբանանցիներուն ակնկալիքներուն համապատասխանող եւ շօշափէ անոնց յուզող խնդիրները, իրականացնէ անոնց պահանջները, ապագային հանդէպ վստահութիւն ներշնչէ եւ երկիրը տեղափոխէ անհաւասարակշռութեան վիճակէն դէպի կայունութեան վիճակ` բարեկարգումներու իսկական ծրագիրի մը միջոցով, որ շուտով պէտք է բռնէ գործադրութեան ճամբան:
Տիապ աւելցուց, որ ինք պիտի աշխատի կառավարութիւնը կազմել կարելի եղածին չափ արագ` խորհրդակցելով նախկին վարչապետներուն, երեսփոխանական պլոքներուն եւ մնացեալ երեսփոխաններուն հետ: Ան նշեց, որ պիտի ընդլայնէ իր խորհրդակցութիւններուն ծիրը եւ անոնց մէջ ներառէ քաղաքական ուժեր ու կուսակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային շարժումը: Ան յայտնեց, որ պիտի լսէ բոլորին կարծիքները, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել արդիւնաւէտ կառավարութիւն` հիմնուած ժողովրդային պահանջներուն վրայ: