
Ներքին Զբօսաշրջային Այցելութիւններու Թիւն Աճած է 45,7%-ով
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներքին զբօսաշրջային այցելութիւնները մէկ տարուան ընթացքին աճած են 45,7%-ով:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան «ֆէյսպուք»-ի էջը:
«2019-ի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ներքին զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 45,7%-ով»,- նշուած է հրապարակման մէջ: