ՀՀ Նախագահը Հիւրընկալուած է Քաթարի ՀՀ Դեսպանատան Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Քաթարի Պետութիւն պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Տոհայի մէջ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Քաթարի Պետութեան մէջ մեր երկրի դեսպանատունը բացուած է այս տարի՝ Քաթարի Պետութեան Էմիրի եւ կառավարութեան գործուն աջակցութեամբ։

Նախագահ Սարգսեանը դիմաւորած են Քաթարի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանը, Քաթարի Հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Պօղոս վարդապետ Թինքճեանը, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական «Մեսրոպեան» վարժարանի սաները։

Ողջունելով ներկաները՝ նախագահ Սարգսեան օրը պատմական եւ սպասուած համարած է բոլորին համար։ «Քաթարը բարեկամական երկիր է՝ բարեկամ ժողովուրդով։ Երկար տարիներ բոլորս սպասած ենք դեսպանութեան բացման։ Իմ բազմաթիւ այցերուն ժամանակ, երբ կը հանդիպէի ձեզմէ շատերուն, կը խօսուէր, թէ երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջապէս Քաթարի մէջ իր դեսպանութիւնը պիտի ունենայ,- յիշած է նախագահը։ – Այսօր ատիկա իրականութիւն է, եւ կը կարծեմ՝ յատկապէս ձեր՝ Քաթարի հայ համայնքին կեանքը այսուհետեւ էապէս պիտի փոխուի, քանի որ դուք աւելի սերտ ու անմիջական կապուած պիտի ըլլաք հայրենիքի հետ, հայրենիքի ներկայութիւնը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ձեր սրտերուն մէջ, այլեւ՝ ձեր ամենօրեայ կեանքի։ Կը կարծեմ՝ Հայաստանն ու Քաթարը շատ ընելիքներ ունին թէ՛ քաղաքականութեան, թէ՛ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ, թէ՛ գործարար յարաբերութիւններու եւ թէ մշակութային կեանքի մէջ։ Դեսպանատունը պէտք է ըլլայ այն կամուրջը, որ ոչ միայն ձեզ կապէ հայրենիքին, այլեւ Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւնները սերտացնէ։ Այսինքն, ձեզմէ իւրաքանչիւրէն կ՝ակնկալեմ, որ աշխուժօրէն ներգրաւուիք եւ մասնակից ըլլաք Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւններու զարգացման»։

Շնորհաւորելով բոլորը դեսպանութեան բացման առիթով՝ նախագահ Սարգսեան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթարի էմիր Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիին եւ Քաթարի բարեկամ ժողովուրդին՝ դեսպանատան բացման աջակցելու համար։ «Դեսպանատան բացումը հնարաւոր չէր ըլլար, եթէ չըլլային էմիր Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի բարի կամքն ու հսկայական, նաեւ՝ նիւթական աջակցութիւնը։ Իմ շնորհակալութեան խօսքերը կ՝ուղղեմ թէ՛ Քաթարի ժողովուրդին, թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ էմիրին,- ընդգծած է նախագահը։ – Ասիկա բարեկամութեան առանձնայատուկ քայլ է, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գնահատէ զայն, պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ այս բարեկամութիւնը, երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները ամրապնդուին ու ընդլայնուին։ Այնպէս որ, բարի գալուստ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, բարի գալուստ ձեր տուն»։