
Լաթաքիոյ Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը
Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լաթաքիոյ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս․ կոյս Մարիամ Աստուածածնի Տաճար Ընծայման տօնին առիթով, հանդիսաւոր Ս․ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան։ Խորանին սպասարկեցին Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Քէօշկէրեան եւ Խորէն Քհնյ Պէրթիզլեան։ Ներկայ էին Թեմիս Ազգային վարչութեան ատենապետն ու ատենադպիրը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամները, միութեանց ներկայացուցիչներ, ծովափնեայ շրջաններէն ժամանած հայորդիներ եւ ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւն։ Դպրաց դասի երգեցողութիւնը յատկանշական էր իր նրբերանգ ելեւէջներով եւ մեղեդիաբարբառ առոգանութեամբ։
Հաւատացեալներ երկիւղած ապրումով կը հետեւէին արարողութեան։ Սրբազան հօր անդրանիկ պատարագին առիթով, հաւատաւորներ հոգեւոր սնունդ ստանալու պատեհութիւնը ունեցան։
Յընթացս պատարագին, Աստուածամօր պատկերին օծման արարողակարգը կատարուեցաւ։ Գործին հեղինակն է արուեստագէտ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանը։ Սաղմոսասացութենէն, յատուկ աղօթք կարդացուելէն եւ շարականի երգեցողութենէն ետք , Սրբազան հայրը սրբալոյս միւռոնով օծեց սրբապատկերը, որ արուեստի իւրայատուկ ոճով պատրաստուած էր։ Տիրոջ տան վայելչութեան ծառայող Աստուածամօր պատկերը, բարեպաշտական ապրումներու խորացման պիտի նպաստէր։ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ սրտի անհուն բերկրանքով եւ հոգհաբանական խօսքերով զԱստուած մեծարեց, Իր մարդասիրական խնամքին եւ անպատմելի փառքին համար։ Երկնաէջ բարիքներ, որոնք կը բացայայտեն Տիրոջ ներկայութիւնը մարդկային կեանքէն ներս։ Ապա Աստուածամօր ընծայման սրբանուէր յիշատակին մասին անդրադարձաւ, յայտնելով թէ Ս․ Կոյս Մարիամին օրինակին հետեւելու է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ։ Սրբազան հայրը ըսաւ․ «Աստուածածինը իր առաքինի վարքով, կոչումի անսասնութեամբ, հնազանութեամբ, հաւատքի խոստովանութեամբ մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ խաչի ուղին, որմէ անցնելու ենք որպէս Հայ եկեղեցւոյ զինուորագրեալ անդամներ։ Մեր մտապատկերին մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուելու ա՛յն անխախտ սկզբունքը, թէ՝ կը պատկանինք եկեղեցւոյ, որուն հովանիին տակ կը սորվինք քալել դէպի աղբիւրը լոյսին, դէպի բարի հովիւը, որ մեզ դալար արօտավայր կ՝առաջնորդէ։ Աստուածածին Մարիամի երկրաւոր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ ցայտուն է ամբողջանուէր զոհաբերութիւնը։ Արժանիք մը, որ Տիրոջ ընծայուելուն վաւերական վկայութիւնն է»։ Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով օրհնաբեր եւ արեւշատ օրեր մաղթեց ամէնուն, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն․ Քհնյ․ Քէօշկէրեանը, թաղական կազմը, տիկնանց օժանդակ մարմինը, դպրաց դասը եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակը տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Որմէ ետք Լաթաքիոյ ՀՄԸՄ փողերախումբը իր ելոյթով խանդավառեց մթնոլորտը։ Դէմքերէն ուրուագծուեցան ուրախութեան նշոյլները։ Անուանակոչութեան տօնը ապացոյց է, թէ Աստուածամօր անունով մկրտուած Լաթաքիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցին, հոգեւոր ցնծութեան, մխիթարութեան եւ ուխտի վերանորոգման քաղցր հրաւէրը կը փոխանցէ, որուն ընդառաջողները մասնակից դարձան Քրիստոսի յաղթական երթին։ Աւարտին, «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Ներկաները Թեմակալ Առաջնորդին մօտէն ծանօթացան՝ ստանալով անոր հայրական օրհնութիւնը։ Նոյն օրը, կէսօրին, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը «Գանձասար» սրահէն ներս ճաշկերոյթ կազմակերպեց, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան հօր։
Նորանշանակ թաղական կազմի ատենապետ՝ տիար Վահէ Կարճիկեան, ներկաներուն անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սրբազան հօր։ Որմէ ետք ասմուքողներ եւ մեներգողներ իրենց ձիրքերով առաւել եւս հաւաքը մտերմիկ դարձուցին։ Հնչեցին հայրենասիրական երգեր։ Սիրոյ սեղանին շուրջ բոլորին համակ էութիւնը պարուրուեցաւ օրուան հոգեգրաւ խորհուրդով։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը գնահատեց անուանակոչութեան տօնի պատրաստութեան համար սիրով ծառայող կամաւորները, մաղթելով որ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ խաղաղութեան արշալոյսը անմար մնայ Սուրիոյ երկնեկամարին վրայ։
Խորէն․ Քհնյ. Պէրթիզլեան