Յաջակցութիւն եւ Ի Համերաշխութիւն Մեր Ուսանողներուն՝ Միօրեայ Գործադուլ Կը Յայտարարենք. Հայ Բանասիրական եւ Պատմութեան Բաժանմունքի Դասախօսներ

Հայաստան

Հայ բանասիրական եւ պատմութեան բաժանմունքներու դասախօսական կազմը՝ տնօրէններու գլխաւորութեամբ՝ իրականացուցած է խորհրդակցութիւն. ստեղծուած է 5 հոգիէ կազմուած մասնագիտական խումբ, որ աւելի ուշ հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ՝ կէտերով ներկայացնելով ընելիքները։ Ըստ Yerkir.am-ի, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ԵՊՀ հայ բանասիրական բաժանմունքի դասախօս Արշալոյս Գալստեան:

Դասախօսին պնդումով՝ յայտարարութիւնը ընդունուած է քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ մեծամասնութեամբ կողմ եւ երկու դէմ ձայներով:

«Ես միայն առաջին կէտին մասին կրնամ ըսել, որ մենք՝ երկու բաժանմունքներու դասախօսներս, յաջակցութիւն եւ ի համերաշխութիւն մեր ուսանողներու՝ կը յայտարարենք միօրեայ գործադուլ, որպէսզի ուսանողները իրենց միայնակ չզգան՝ գիտնալով, որ իրենց դասախօսները իրենց կողքն են: Յաջորդ կէտերով ամէն ինչ պիտի յստակեցուի»,- ըսած է Գալստեան:

Յիշեցնենք, որ այսօր՝ Նոյեմբեր 13-ին, ԵՊՀ բանասիրութեան եւ պատմութեան բաժանմունքի ուսանողները դասադուլ կ՝իրականացնեն։ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի երիտասարդներն ու ուսանողները դէմ են համալսարանական ծրագրերուն մէջ «Հայոց լեզու», «Հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» առարկաները ոչ պարտադիր դարձնելուն։ Անոնք կը պահանջեն ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։