Զարեհ Սինանեան Ուքրանիոյ Մէջ Հայկական Երիտասարդական Հաւաքին Պիտի Մասնակցի
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան պիտի մեկնի Քիեւ` մասնակցելու Ուքրանիոյ հայ երիտասարդութեան միութեան կազմակերպած Հայկական երիտասարդական հաւաքին:
Այս մասին ՀՀ վարչապետի որոշումը հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ (e-gov.am):
«Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը 2019 Նոյեմբեր 15-17 ներառեալ գործուղել Ուքրանիա (քաղ. Քիեւ)՝ Ուքրանիոյ հայ երիտասարդութեան միութեան կազմակերպած Հայկական երիտասարդական հաւաքին մասնակցելու նպատակով»,- նշուած է որոշման մէջ: