Միայն Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կրնայ Բուժել Հայ Ժողովուրդին Վէրքերը. Կարօ Փայլան

Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանչման:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ Փայլան գրած է, որ տասնեակ խորհրդարաններէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ նաեւ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ:

«Մեր ցաւը դարձած է ուրիշներու խորհրդարանի քննարկման առարկան, քանի որ իմ երկիրը 105 տարիէ՝ կը հերքէ հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը: Միակ խորհրդարանը, որ կրնայ բուժել հայ ժողովուրդին վէրքերը, Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն ես անդամն եմ»,- նշած է ան:

ԱՄՆ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հոկտեմբեր 29-ին կայացած քուէարկութեամբ՝  ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրեսականներէն կողմ քուէարկեց 405, դէմ` 11 քոնկրեսական: