Ատրպէյճան Կրակոցներ Արձակած է Տաւուշի Գիւղերու եւ Դիրքերու Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանական կողմը Հոկտեմբեր 29 լոյս 30-ի վաղ առաւօտեան, Տաւուշի մարզի բնակավայրերու եւ դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներ արձակած է: Այս մասին, ըստ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի, կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Տաւուշի մէջ, երէկ գիշեր եւ այսօր վաղ առաւօտեան հակառակորդը տարբեր տրամաչափի զէնքերէ կրակած է քանի մը գիւղերու եւ մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։ Պատասխան կրակէն ետք՝ հակառակորդը լռած է։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան»,- կը յայտնէ Յովհաննիսեան: