Թուրքիոյ Նախագահականէն Նոյնպէս Արձագանգած են ԱՄՆ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունման

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն արձագանգած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ստորին պալատի՝ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Ալթուն գրած է Twitter-ի իր պաշտօնական էջին վրայ:

Ալթուն նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումը խորապէս մտահոգիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՝արժեւորեն ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները: Ըստ անոր՝ անոնք որոնք կողմ քուէարկած են այդ բանաձեւին, պատասխանատու պիտի ըլլան անհանգիստ տարածաշրջանի մէջ ռազմավարական տեսանկիւնէ իրավիճակի վատթարացման համար:

Ֆահրետտին Ալթուն մասնաւորապէս ըսած է.

«Նախագահ Էրտողանը հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնը յայտնած էր: Ան միեւնոյն ժամանակ նշած էր, որ կ՝ուզէ պատմութեան յանձնաժողով հիմնել, որ պիտի ուսումնասիրէ առաջին համաշխարհային պատերազմին դէպքերը: Անընդունելի է, որ յանուն քաղաքական նպատակներու պատմութիւնը քաղաքականացուի: Մեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կոչ կ՝ընենք իրենց պատմութիւնը ներքաղաքական հաշիւներու գործիք չդարձնելու: Հարիւրաւոր տարիներ մենք միասին կ՝ապրինք այս տարածաշրջանին մէջ: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ արտաքին ուժերու միջամտութիւնները բաւականաչափ ցաւ պատճառած են տարածաշրջանին, իսկ ատիկա ոչ մէկ լաւ բան կը բերէ մեր յարաբերութիւններուն»: