Չաւուշօղլուի Արձագանգը Ներկայացուցիչներու Պալատին Կողմէ Ցեղասպանութեան Ընդունման Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն արձագանգած է ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պատմական բանաձեւին ընդունման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Timeturk-ը։

Չաւուշողլուն Twitter-ի իր էջին մասնաւորապէս գրած է.

«Խաղաղութեան ակունք գործողութեամբ ձախողեցանք մեծ խաղը։ Անոնք, որոնց նախագիծերը չիրականացան, հայեացքները յառեցին դարակներու մէջ դրուած հինցած նախագիծերուն։ Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ այս ճանապարհով մեզմէ վրէժ կը լուծեն, կը սխալին։ Պատմութիւնը քաղաքականութեան գործիք դարձնողներու այս ամօթալի որոշումը մեր կառավարութեան եւ ժողովուրդի աչքերուն մէջ առ ոչինչ է»։