Թուրքիոյ Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւէն Ետք ԱԳՆ Կանչուած է

Աշխարհ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումէն ետք՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Տէյվիտ Սէթրֆիլտ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը յայտնէ թրքական HaberTurk-ը:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէջ ամերիկացի դիւանագէտին յայտնած են, որ Ներկայացուցիչներու պալատին որոշումը որեւէ վաւերականութիւն չունի եւ կը հակասէ «երկու երկրի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան»: