
13-ամեայ Ժասմինի Վիպակը Բարձր Գնահատանքի Արժանացաւ
ԵՌԱԳՈՅՆ- Հոկտեմբեր 28-ին, Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկէն ներս, տեղի ունեցաւ 13-ամեայ Ժասմին Հայրապետեանի «Հրաշագործ Նռանէ» վիպակին շնորհանդէսը:
Վիպակը արեւմտահայերէնի վերածելու նախաձեռնութիւնը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքինն է։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ համագործակցութեամբ՝ Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկի եւ Հայ Միջազգային կանանց միութեան։
ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեան բարձր գնահատեց Ժասմին Հայրապետեանի հեղինակած վիպակը եւ զինք բեմ հրաւիրեց իր խօսքը ըսելու։
Ժասմին Հայրապետեանը այսպէս բնութագրեց իր գիրքը,-«Հերոսուհին հայուհի է, 16 տարեկան Նռանէն եւ ան գերհզօր է: Անոր կերպարով փորձած եմ ցոյց տալ, որ հայ կինը, հայ աղջիկը կրնայ ըլլալ ուժեղ, որ ան տարիներ, դարեր շարունակ իր ամուսինի, տղու հետ կողք-կողքի պայքարած է հայրենիքի համար:
«Ես ծնունդով Արցախէն եմ, պապիկս, հայրս եւս մասնակցած են Արցախեան գոյապայքարին, ես գիտեմ, որ տատիկս, մայրիկս տարիներով ապրած են նկուղներու մէջ, ռմբակոծութեան տակ, բայց չեն լքած իրենց տունն ու երկիրը: Ես գիտեմ, որ հարիւրաւոր հայուհիներ պայքարած են կռուի դաշտի մէջ:
«Նռանէն եւս այդպիսին է, ան ունի Հայաստանը չարիքէն փրկելու առաքելութիւն եւ այդ բոլորը կ’ընէ հայկական խորրդանիշերով: Ինչո՞ւ հայկական, որովհետեւ գրելու ժամանակ ցանկութիւն ունէի, որ մեր հայկական հոգեւոր զէնքերու մասին իմանան նաեւ Հայաստանէն դուրս ապրող մարդիկ, օտարերկրացիները»:
Գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման վիպակ կարդալու համար,- «Այս աղջնակը օժտուած է շատ կարեւոր յատկանիշերով, որոնց մասին ժամանակին նշած է նաեւ Թումանեան։ Ան գրողի համար երկու բան կարեւոր կը համարէ՝ երեւակայութիւնը եւ ոգեւորութիւնը, որոնք սահման չունին Ժասմինի մօտ։ Վիպակը հայ հոգեբանութեան հէքիաթ է, չարի ու բարիի յաւերժական պայքարը, իսկ հեղինակը բնատուր կը տիրապետէ խորհրդանիշերու աշխարհին, ան ստեղծած է իւրայատուկ խորհրդանիշներ, որոնցմէ մէկը նուռն է, 12 տարեկան աղջնակի համար զարմանալի’ կերպով հայրենասիրական թաքուն երանգ կը ներմուծուի վիպակին մէջ. Սամուէլի Մասիս սար բարձրանալը, չարի զինք խանգարելը, բարիի յաղթանակը, եռագոյն դրօշի հանգրուանելը Արարատի գագաթին, կը վկայէ, որ այս աղջնակի հոգեկան աշխարհին մէջ իր երկրի ճակատագրին համար պայքարող յստակ գիտակցութիւն կայ»,- ըսաւ Ս. Սրապիոնեան աւելցնելով,- «իսկապէս գրական աշխարհ կը մտնէ խոստմնալից գրիչ, խոստմնալից մտածող, եւ եթէ ան իրեն ի վերուստ տրուած ձիրքերը՝ երեւակայութիւնն ու ոգեւորութիւնը, նուիրումի հետ կիրառէ, կը կարծեմ որ շատ մօտ ապագային մենք պիտի խօսինք շատ լուրջ գրող ունենալու մասին»։
Գիրքը արեւմտահայերէնի վերածող, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ կայքի հիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան ծրագիրը համարեց բարի, որովհետեւ անոր մէջ ներդրում ունեցողները երեխաներն են՝ հեղինակը, թիրախը, մեկենասները գրեթէ բոլորը երեխաներ են։
Նայիրի Մկրտիչեանի կարծիքով այս գիրքը արեւմտահայերէնի վերածելու ցանկութիւն յառաջացաւ, երբ իմացաւ որ հեղինակի ընդամէնը 12-13 տարեկան է, երկրորդը՝ վիպակը գրուած է գրագէտ եւ հետաքրքրական, իսկ ամենակարեւորը այն էր, որ պատանեկան տարիքի համար արեւմտահայերէն նոր գրականութիւն գրեթէ չկայ, իսկ «Հրաշագործ Նռանէ»ն իւրայատուկ է տարբեր առումներով. Ողջունելի է, որ հրաշագործը հերոսուհի է, նաեւ այն որ աննկատ կերպով հայրենասիրութիւն կայ վիպակին մէջ եւ կը մատուցուի շատ նորովի՝ օգտագործելով հայկական հոգեւոր արժէքները, իսկ այս բոլորը շատ կարեւոր է սփիւռքահայ երեխայի համար:
Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ հիմնարկի արեւմտահայերէն բաժնի գիտաշխատող Յարութ Մարաշլեան՝ մատնանշելով նման գրականութիւն Սփիւռքի երեխաներուն մատուցելու կարեւորութիւնը։
Շնորհանդէսը իր խօսքով եզրափակեց Կանանց միջազգային միութեան նախագահ Հրանոյշ Յակոբեան՝ ըսելով,- «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ժասմինի ծնողներուն, որովհետեւ ընտանեկան միջավայրն է, որ մղած է երեխան այսպիսի հնարմատութեան եւ ան կրցած է ստեղծագործել։ Մենք գործ ունինք օժտուած եւ տաղանդաւոր երեխայի հետ»։