Սուրիական Բանակը Վերահսկողութեան Տակ Կ՛առնէ Սուրիոյ Հիւսիսային Քրտաբնակ Շրջանները

Աշխարհ

ԵՌԱԳՈՅՆ․,-  Պաշտօնական Դամասկոսի ու Սուրիոյ քրտական ինքնավարութեան ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի հիման վրայ՝ քրտաբնակ տարածքները կ՛անցնին Սուրիոյ կառավարական բանակի հսկողութեան տակ:

Սուրիական բանակը Մունպեճի մէջ բարձրացուցած է սուրիական դրօշը։ Անոնք կը շարժին դէպի Րաքքա։

Սուրիական կառավարական ուժերը Գամիշլիի եւ Հասիչէի մէջ SDF-ի (Սուրիոյ ժողովրդական ուժերը, ուր կը գերակշռեն քիւրտերը) բոլոր կեդրոնները առած են իրենց հսկողութեան տակ՝ ողջ նահանգի մէջ տարածուելու նպատակով։

Սուրիական բանակի տեղաշարժը արդէն մեկնաբանած են Անգարայի մէջ:

Էրտողանի խորհրդական Աքթայը չէ բացառած, որ կրնան բախումներ տեղի ունենալ սուրիական զօրամիաւորումներու հետ: