Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիական Հարցի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Ժընեւի մէջ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) պատասխանատու խմբակին հետ` ընդառաջելով անոր փափաքին: Խմբակի ղեկավար Կիր Փեթերսոն անակնկալ կերպով հանդիպումէն առաջ ճամբորդած ըլլալով, հանդիպումին ներկայ եղան իր փոխանորդն ու անմիջական խորհրդականը: Անոնք յայտնեցին վեհափառ հայրապետին, որ 30 Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ պիտի առնեն Սուրիոյ Հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւն մշակելու առաքելութեան լծուած յանձնախումբի ժողովական աշխատանքները, Ժընեւի մէջ:

Յիշեալ յանձնախումբը պիտի բաղկանայ 150 սուրիացի անդամներէ: Այս յանձնախումբը ներկայացուցչական հետեւեալ կազմաւորումը պիտի ունենայ. 50 հոգի կառավարութիւնը, 50 հոգի ընդդիմութիւնը եւ 50 հոգի քաղաքացիական հասարակութիւնը (համայնքներ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, կրօններ եւ այլն) ներկայացնող: Յանձնախումբը պիտի ունենայ իր գործադիր վարչութիւնը` բաղկացած 45 անդամներէ` նոյն ներքին բաղկացութեամբ. 15 հոգի կառավարութիւնը, 15 հոգի ընդդիմութիւն եւ 15 հոգի քաղաքացիական հասարակութիւնը ներկայացնող:

ՄԱԿ-ի գրասենեակի պատասխանատուները յիշեցուցին վեհափառ հայրապետին, որ այս որոշումը տրուած էր ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին կողմէ (թիւ 2254) եւ զօրակցութիւնը կը վայելէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ եւ, բնականաբար, Սուրիոյ կառավարութեան:

150 անձերէ բաղկացած յանձնախումբին անդամներուն անունները շուտով պիտի հրապարակուին ՄԱԿ-ի կողմէ: Յատուկ աշխատանք պիտի տարուի, որ նոյն յանձնախումբին մէջ ըլլան նաեւ իրաւաբաններ, իգական սեռի պատկանողներ, կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որպէսզի գործընթացը ըլլայ համասուրիական, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողմէ նախաձեռնուած ու ղեկավարուած:

Վեհափառ հայրապետը, լսելէ պատասխանատուներուն կողմէ տրուած լայն զեկուցումը եւ իմանալէ ետք ցարդ պատրաստուած ցանկին մէջ հայու մը ներկայութիւնը, իր կարգին, հետեւեալ մտածումները եւ առաջարկները ներկայացուց գրասենեակի պատասխանատուներուն.

1) Ան ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան համար նոր սահմանադրութիւն խմբագրելու գործընթացը` զայն նկատելով առաջին գործնական քայլը Սուրիան դէպի ամբողջական խաղաղութիւն առաջնորդող: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահելու հրամայականը, որ պէտք է յստակօրէն երաշխաւորուի սահմանադրութեամբ:

2) Վեհափառ հայրապետը քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութիւնը յիշեալ գործընթացին նկատեց յոյժ կարեւոր` իբրեւ անբաժան մասը սուրիացի ժողովուրդին ու հայրենիքին: Ան ըսաւ, թէ համայնքներու ներկայացուցիչները պէտք է նշանակուին պատասխանատուներուն կողմէ եւ իրենց ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերեն այս կարեւոր գործընթացին: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց մէկէ աւելի հայ ներկայացուցիչներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով, որ հայ համայնքը Սուրիոյ քրիստոնեայ կարեւոր համայնքներէն մէկն է:

3) Որպէսզի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ գործադիր վարչութեան աշխատանքները ըլլան կազմակերպ, ներդաշնակ ու հետեւողական, վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ աշխատանքի մեթոտ, ժամանակացոյց եւ ուղեցոյց ճշդուի:

Ողջունելով վեհափառ հայրապետին մտածումները եւ թելադրութիւնները, գրասենեակի պատասխանատուները առաջարկեցին, որ գրասենեակը խորհրդակցութեան ճամբով մնայուն կապ պահէ վեհափառին հետ, Անթիլիասի թէ Ժընեւի մէջ: Այս ծիրին մէջ առաջարկուեցաւ հանդիպում մը ունենալ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: