Կ․Պոլսոյ Մէջ Պիտի Տեղադրուի Յակոբ Պարոնեանի Կիսանդրին

Սփիւռք

Հոկտեմբեր 5-ին Կ․ Պոլսոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի պիտի ունենայ հայ նշանաւոր երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը:

Կիսանդրին պիտի տեղադրուի Կ․ Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: Արարողութիւնը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:

Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով «Արաս» հրատարակչութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնը։