
Թուրքիան Կը Շարունակէ Անվտանգութեան Լուրջ Սպառնալիք Մնալ Հայ Ժողովուրդին Համար. Նիկոլ Փաշինեան
Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ արդէն մէկ անգամ եղած է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ կատաղի դիմադրութեան: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վերաժողովի 74-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ցաւօք, մեր մոլորակը բոլորիս համար աւելի ապահով վայր չդարձաւ այս տարի: Դժուար է գտնել աշխարհի որեւէ տարածաշրջան, որ ինքնին ապակայունացուած չէ կամ չէ տուժած հարեւան տարածաշրջանի լարուածութեան հետեւանքով: Հայաստանի 4 սահմաններէն 2-ը, որոնց մէջ` Թուրքիոյ հետ սահմանը, փակ է արդէն շուրջ 3 տասնամեակ: Հրաժարելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, Ատրպէյճանին աջակցելով ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի` Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ արդէն մէկ անգամ եղած է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ կատաղի դիմադրութեան»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Ան աւելցուցած է, որ հարեւաններու եւ ռազմավարական գործընկերներու միջեւ յարաբերութիւններու մէջ առկայ տարաբնոյթ լարուածութիւնը Հայաստանին շատ անյարմար իրավիճակի մէջ կը դնէ: «Ռուսիան մեր հիմնական ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցն է, Վրաստանը եւ Իրանը մեր ռազմավարական հարեւաններն են: ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան եւ վերջինիս անդամ պետութիւններու հետ մենք ունինք ռազմավարական օրակարգ եւ գործընկերային յարաբերութիւններ: Մեզի համար լուրջ մարտահրաւէր է մեր գործընկերներու միջեւ տարաձայնութիւններու թնջուկի մէջ յայտնուիլը, քանի որ մենք անընդհատ կ՛ենթարկուինք անոնց մէկ մասին, կամ որ աւելի վատ է`բոլորին կողմէ ճիշդ չընկալուելու վտանգին: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի յուսալի գործընկեր եւ լաւ բարեկամ ըլլանք բոլորին` առանց ոեւէ մէկուն հետ մեր յարաբերութիւնները վնասելու: Եւ մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել մեր տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական միջավայրը աւելի անվտանգ դարձնելու համար»։