
Մահացած է Ժաք Շիրաքը
87 տարեկանին մահացած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքը:
Ան Ֆրանսան ղեկավարած է 1995-էն 2007 թուականները:
Ժաք Շիրաք տարբեր տարիներու եղած է նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ եւ Փարիզի քաղաքապետ:
2000-ական թուականներու սկիզբը Ժաք Շիրաք ներգրաւուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն: