Արցախի Ազգային Ժողովէն Ներս Ընդունած են Աւստրալիոյ Խորհրդարանականները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Սեպտեմբեր 25-ին, ընդունած է Աւստրալիոյ դաշնային եւ նահանգային խորհրդարաններու պատգամաւորներ Ճոն Ալեքսանդրը եւ Հիւ Մաք-Տերմոթը, որոնք Արցախ կը գտնուին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի ուղեկցութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ ԱԺ նախագահը երախտիքի խօսք յայտնած է հիւրերուն՝ Աւստրալիոյ եւ Արցախի կապերու հիմնարկապահութեան ուղղուած  գործունէութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ հետեւողական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: Աշոտ Ղուլեան՝ խօսելով Աւստրալիոյ եւ Արցախի համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին՝ անդրադարձած է Սեպտեմբեր 24-ին «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի ստեղծման: «Ասիկա այն մեծ գործին շարունակութիւնն է, որ դուք սկսած էք Օգոստոս 1-ին՝ ձեւաւորելով «Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ» խումբը»,- ընդգծած է խորհրդարանի ղեկավարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ճոն Ալեքսանդրը խօսած է հայ-աւստրալիական վաղեմի բարեկամութեան մասին՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Խորհրդարանականը կարեւոր համարած է աւստրալահայերու դերակատարութիւնը՝ զայն համարելով մարդկային կամուրջ՝ երկու երկիրներուն միջեւ:

Հիւ Մաք-Տերմոթը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է այսուհետեւ նոյնպէս աջակցելու Արցախին: «Ժողովրդավարական այս երկիրը պէտք է ապրի, եւ աշխարհը պէտք է ճանչնայ զայն»,- նշած է խորհրդարանականը:

Հանդիպման աւարտին ԱԺ նախագահը հիւրերուն յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով Ճոն Ալեքսանդրին շնորհուած «Վաչագան Բարեպաշտ» եւ Հիւ Մաք-Տերմոթին շնորհուած «Երախտագիտութիւն» պետական պարգեւները:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ ԱԺ պատգամաւոր, «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:

Աւստրալիոյ խորհրդարանականները այնուհետեւ հանդիպած են «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն:

Ողջունելով հիւրերը՝ շրջանակի նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած այս տարիներուն խորհրդարանականներուն կատարած աշխատանքին համար եւ յոյս յայտնած, որ այսուհետեւ եւս պիտի քալեն միասին՝ կիսելով համատեղ յաջողութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին երկուստէք կարեւոր համարուած է համագործակցութեան ուղղութիւններու ամրագրումը եւ պարբերական շփումներու անհրաժեշտութիւնը: