Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակ. Պապենական Խճանկար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հ. Ադամեան

Երբ ուզենք կարդալ Մուսա Լերան պատմութեան մասին, պիտի անդրադառնանք, որ զանազան պատմուածքներ ու վկայութիւններ գոյութիւն ունին Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին, սակայն մանրամասն եւ լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ չկան այդ աշխարհագրական տարածքին ու անոր բնակչութեան մասին: Անշուշտ ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է արժեզրկել կատարուած այն ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտութիւնները, որոնց շնորհիւ այսօր մենք ծանօթ ենք մեր պապենական մշակութային սովորութիւններէն որոշ բաժինի մը: Այնուամենայնիւ, կարելի չէ ըսել, որ կատարուած ուսումնասիրութիւնները եւ նախապէս կատարուած աշխատանքները բաւարար են` երաշխաւորելու մեր պապենական նկարագրային խառնուածքի, մշակութային տարրական իւրայատկութիւններու, ինչպէս նաեւ լեզուական մեր հարստութեան գոյատեւումն ու շարունակողականութիւնը:

Այսուհանդերձ, եթէ պահ մը թերթատենք Մուսա Լերան պատմութեան էջերը, պիտի նկատենք, որ անոր ժողովուրդը եղած է հեղինակը խճանկարի մը, որ անընդհատ կը զարգանայ: Իւրաքանչիւր մուսալեռցի պատասխանատու է` առաջքը առնելու բոլոր այն վտանգներուն, որոնք կը բարձրացնեն այդ խճանկարը կիսատ թողելու հաւանականութիւնը:

Այս տարի Այնճարի հիմնադրութեան ութսունամեակն է: Ութսունամեայ այս գոհարը այդ խճանկարին կարեւոր մասերէն մէկն է: Վստահաբար, երբ կը խօսինք Այնճարի մասին, կարելի չէ մոռնալ տառապանքն ու չարչարանքը, որոնք անբաժան եղան Այնճարի հիմնադիր սերունդին առօրեայ կենցաղէն: Մեր պապուկներուն ու նէնէներուն չարչարանքն ու տառապանքը եղան հիմնաքարը այսօրուան ծաղկազարդ Այնճարին:

Անցեալը հպարտութի՞ւն է: Հաստատ, այո՛: Հպարտալի է ըլլալ ժառանգորդը այն ժողովուրդին, որ իր անհատական կամ հաւաքական ներդրումներով պատրաստած է այս շքեղ խճանկարը: Պարծանք է մեզի համար ըլլալ թոռները այն սերունդին, որ հերոսամարտ մղելով` պայքարեցաւ մահուան սպառնալիքին դէմ ու տուաւ նահատակներ: Այո՛, կը հպարտանանք, որ ժառանգորդներն ենք այն սերունդին, որ անապատ Այնճարը վերածեց զբօսաշրջիկներ գրաւող գեղեցիկ գիւղի մը:

Այո՛, այս բոլորը պարծանք են եւ հպարտութիւն` մեր բոլորին, սակայն` մինչեւ ե՞րբ: Մինչեւ ե՞րբ հարբած պիտի մնանք մեր անցեալի փառքերով, եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի շոյենք մեր պապուկներուն ու նէնէներուն ամբողջացուցած խճանկարին արդէն իսկ մաշած խիճերը: Շոյել` այն աստիճան, որ մաշի, փճանայ ու դառնայ միայն գեղանկար մը` փոշոտ գիրքերու մէջ: Շոյել` առանց զարգացնելու:

Երբ ուսումնասիրենք այնճարցիին եւ մանաւանդ այնճարցի երիտասարդին հոգեբանութիւնը, պէտք է անդրադառնալ հակասութիւններու, որոնք վտանգաւոր կրնան ըլլալ նախ մեր գիւղին, ապա` մեր ազգագրական արժէքներու գոյատեւման համար:

Օրինակ, երբ գտնուինք ոչ մուսալեռցի մեր ազգակիցներուն մօտ, բոլորս կը հպարտանանք մեր ճկուն եւ իւրայատուկ բարբառով: Սակայն այսօրուան այնճարցի երիտասարդութեան քանի՞ տոկոսը ամբողջական ձեւով տիրապետած է մեր բարբառին: Երբ կը խօսիմ այնճարցի երիտասարդին մասին, պէտք չէ միայն նկատի առնել Այնճար բնակող երիտասարդութիւնը, այլ` աշխահասփիւռ մուսալեռցի երիտասարդութիւնը: Անշուշտ պէտք է նկատի առնել այսօրուան պայմանները` համաշխարհայնացման հոսանքը, արտագաղթը եւ այլն… սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ պէտք է հարցը յանձնել ճակատագիրին եւ ձեռնածալ նստելով` հպարտանալ վտանգուած եւ ոչնչացման սեմին գտնուող մեր բարբառով:

Օրինակներու շարքը երկար է, եւ կարելի է հատորներ տրամադրել այս հարցի քննարկման համար, սակայն նպատակը ուշադրութեան յանձնել է եւ ոչ` անտեղի եւ վնասակար քննադատութիւն ընել:

Ութսունամեակի յոբելեանին թերեւս խորթ կրնայ թուիլ յօդուածին ոչ դրական բնոյթը, մանաւանդ երբ արդէն կը կարդանք այս առիթով գրուած խրախուսական եւ յաղթականներ ներկայացնող գրութիւնները: Սակայն իմ եւ, վստահ եմ, շատ շատերու կարծիքով, այս թուականէն ութսուն տարի ետք կարելի պիտի չըլլայ հպարտանալ մեր պապենական խճանկարով, եթէ այսօր ներդրում չունենանք այդ խճանկարը պահպանելու եւ զարգացնելու աշխատանքին մէջ: Այսօր մենք իրաւունք չունի՛նք անպատասխանատու եւ անտարբեր ըլլալու: Այս պապենական խճանկարը մեզի փոխանցուած պատմական արժէք է, որուն ամուր հիմերուն վրայ պէտք է խարսխուին մեր ապագայ սերունդներն ու ընտանիքները:

Ինչպէ՞ս կարելի է առաջքը առնել խճանկարի փճացման վտանգին:

1.- Լուրջ եւ նպատակակեդրոն աշխատանք

Այս մէկը կարելի է իրագործել խմբակի մը կամ նոյնիսկ միութեան մը ստեղծումով: Ընդհանրապէս, այսպիսի խմբակներ կը կազմուին միայն այնպիսի տարիներու, երբ մեծ շուքով պիտի նշուին հերոսամարտի յաղթանակը կամ գիւղին հիմնադրութիւնը: Այդ կարճ ժամանակաշրջանին այս մարմինները կը տանին բացառիկ աշխատանք, սակայն սեպտեմբեր ամսուան վերջը անոնց աշխատանքները կը թաղուին յիշողութեան մութ պահարանին մէջ:

Այսպիսի խմբակ մը պէտք է ընդգրկէ տարբեր երկիրներու մէջ բնակող մուսալեռցիներ, կամ գործակցի իւրաքանչիւր երկրի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններուն հետ: Այս խմբակին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նիւթական աղբիւրներ ապահովելով` իրագործել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն Մուսա Լերան աւանդութիւններուն եւ յատկապէս բարբառին գոյատեւումը:

Անտարբերութիւնն ու նուիրուած աշխատողներու թիւի պակասը պէտք չէ արգելք նկատել այս աշխատանքի իրագործման համար: Աշխարհի մէջ ամենամեծ յեղափոխութիւնները սկսած են փոքրաթիւ խմբակներով: Կը վստահեցնեմ, որ խմբակին առաջին իսկ աշխատանքը կ՛ոգեւորէ բազմաթիւ այլ հայրենակիցներ, որոնք պիտի ուզեն աշխատիլ նման առաքելութեան մը համար:

Կարելի է որդեգրել ծրագրային դրութիւն: Օրինակ, իւրաքանչիւր երիտասարդ, որ կը փափաքի ուսումնասիրութիւն մը ընել Մուսա Լերան կամ Այնճարի մասին, կրնայ դիմել այս մարմինին, որ իր կարգին կրնայ նիւթական աջակցութեամբ մը յաջողցնել ներկայացուած ծրագիրը եւ կամ միջնորդ դառնալ ծրագիրը ներկայացնող երիտասարդին ու նուիրատու կազմակերպութիւններու միջեւ:

Այս ձեւի աշխատանք մը կը յաջողի, որովհետեւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, հիմնադրամներ եւ կամ ակադեմական հաստատութիւններ անդադար սատար կը հանդիսանան այսպիսի ծրագիրներու: Այսպիսի ծրագիրներէ կ՛օգտուին բազմաթիւ մասնագէտներ եւ գիտահետազօտական հիմնարկներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն փոքրամասնութիւն նկատուող ցեղախումբեր, ոչնչացման վտանգին ենթարկուած լեզուներ եւ բարբառներ: Նոյնիսկ Մուսա Լերան բարբառը նախապէս ուսումնասիրուած է Հարվըրտ համալսարանին կողմէ, որ ինքնին փաստ է, թէ ինչպէ՛ս մեր բարբառը իր իւրայատուկ տեղը կը վայելէ գիտական եւ լեզուաբանական աշխարհին մէջ:

2.- Արհեստագիտութեան եւ արդիականացման յառաջընթացը օգտագործել` ի շահ մեր արժէքներու պահպանման

Այս կէտը կը համալրէ նախորդը: Երիտասարդներու, գիտնականներու եւ կամ գիտական հիմնարկներու ներկայացուցած ծրագիրներէն բացի` այս նորաստեղծ մարմինը պէտք է ունենայ իր ինքնուրոյն ծրագիրները: Այս ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ պէտք է գրաւէ այսօրուան արհեստագիտական զարգացած ձեւերն ու արդիականացած մօտեցումները: Լսատեսողական, եւ մանաւանդ փոքրերու յատուկ տեսերիզներու պատրաստութիւնը այդ ծրագիրներէն մէկը պէտք է նկատել, այս տեսերիզները պէտք է ըլլան բացատրողական, պատգամ մը պարունակող, աւանդութիւններն ու բարբառը սորվեցնող ներկայացումներ:

Արհեստագիտութիւնը կարելի է օգտագործել զանազան միջոցներով: Նիւթականը պատրուակ մը նկատելով` պէտք չէ յուսահատիլ եւ ըսել, որ կարելի չէ իրագործել նման աշխատանք մը: Աշխատանքը կը սկսի ամէնէն պարզ քայլով, նոյնիսկ այդ քայլը կրնայ ըլլալ Դիմատետրի էջի մը ստեղծումը, որ առօրեայ դրութեամբ, կանոնաւոր ձեւով, որակաւոր ներկայացման ձեւերով տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ հանրութեան:

«Fundraising»-ի աշխատանքին մէջ ընդհանրապէս նախապէս իրագործուած ծրագիր մը միշտ բանալին կ’ըլլայ նոր նիւթական աջակցութեան մը: Նուիրատուն, մեկնելով նախօրօք կատարուած ծրագիրներու որակէն եւ անոնց թողած կարեւոր ազդեցութենէն, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու նոր ծրագիրներ իրագործելու աշխատանքին:

3.- Աւանդութիւններն ու սովորութիւնները փորձել ներառել մեր առօրեայ կեանքին մէջ

Իրապաշտ ըլլալու համար պէտք է համամիտ ըլլամ այն կարծիքին, որ այս մէկը դժուարագոյնն է այսօրուան համաշխարհայնացման հոսանքին առընթեր: Սակայն պահ մը մէկ կողմ դնելով համաշխարհային այս հիմնահարցը` պէտք է նաեւ գիտակցիլ եւ ընդունիլ, որ այսօր այնպէս մը չէ, որ ընտանիքները զուտ մուսալեռցի արմատներ կը վայելեն:

Սակայն կ՛ուզեմ յիշել Ազգ. Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի տարիներու տարած աշխատանքը` Մուսա Լերան բարբառի դասապահերու շնորհիւ: Սակայն այսպիսի ծրագիրներ հազուագիւտ են:

Նաեւ գնահատելի է այս տարի, Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, Մուսա Լերան բարբառով եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի նուիրուած երգերու նորատիպ երգարան մը պատրաստելու աշխատանքը: Այսպիսի աշխատանքներով է, որ երիտասարդութիւնը կը խանդավառուի եւ կը նախաձեռնէ նոր ծրագիրներու: Այս ծրագիրին մասին երբ լսեցի, անմիջապէս յայտնեցի ընկերներուս եւ անմիջական շրջանակիս: Խանդավառութիւնը անբացատրելի էր, եւ ամէն օր անհամբեր կը սպասէինք այդ երգարանի հրատարակման: Վստահ եմ` այս ծրագիրը պիտի մղէ, որ երաժշտասէր երիտասարդներ նոր կատարումներով ներկայացնեն մեր նախահայրերուն երգած երգերը:

Ժամանակին Այնճարի մէջ եկեղեցւոյ քարոզները մատուցուած են Մուսա Լերան բարբառով: Այս մէկը կը նշանակէ, որ ժողովուրդը այնքան տիրապետած է բարբառին, որ օրուան հոգեւոր հովիւը կարիքը զգացած է քարոզելու բարբառով, որպէսզի պատգամը հասկնալի դառնայ հաւատացեալներուն համար: Այսօր որքա՛ն հեռու ենք այս իրականութենէն…

Այսօր օգտաշատ պիտի ըլլան այնպիսի հաւաքներ, նախաձեռնութիւններ եւ կամ զրոյցներ ու ասուլիսներ, որոնց ընթացքին մեր երիտասարդութիւնը առիթը պիտի ունենայ լսելու եւ խօսելու մեր բարբառը:

Պէտք է կազմակերպուին այնպիսի ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին ուղղակի կամ անուղղակիօրէն երիտասարդը պիտի ծանօթանայ իր ճաշերուն, աւանդութիւններուն, մշակոյթին եւ այլն:

Մեր կարկինը աւելի լայն բանալու համար, այս աշխատանքները պէտք չէ միայն կեդրոնացնել Այնճարի մէջ: Այնճարի օրինակով պէտք է իւրաքանչիւր երկրի մէջ գործող խմբակ սկսի աշխատիլ եւ համախմբել մուսալեռցի -այնճարցի երիտասարդները:

4.- Ոչ մուսալեռցի կամ նոյնիսկ ոչ հայ հանրութեան ներկայացնել մեր պատմական արժէքները

Նշեալ խմբակին աշխատանքներէն մէկը պէտք է նկատել նաեւ ոչ մուսալեռցի հանրութեան ներկայացնել մեր պապենական եւ պատմական արժէքները: Այս մէկը բազմաթիւ ուսումնասիրողներ կը գրաւէ եւ նոր ուսումնասիրութիւններու հնարաւորութիւններ կ՛ընծայէ:

Հայկական որեւէ գաւառի մը պատմական արժէքները եւ մշակութային հարստութիւնները ազգային գանձեր են, եւ բոլորս պարտաւոր ենք պահպանելու մեզի ժառանգուած այդ հարստութիւնները:

Այս շարքը կարելի է երկարել, սակայն յօդուածը պէտք չէ շեղել իր հիմնական նպատակէն, որն է` բոլորիս ուշադրութեան յանձնել այն մարտահրաւէրները, որոնք մեզմէ շատերուն համար անտեսանելի են:

Այսպիսի քայլերով է, որ կարելի կ՛ըլլայ զարգացնել մեր պապենական խճանկարը: Այդ խճանկարը կազմուած է փոքրիկ խիճերէ, եւ ամէն մէկ խիճ մեր իւրաքանչիւրին ներդրումն է:

Ուրեմն, բոլորս աշխատինք այս խճանկարի պահպանման համար, ինչպէս նաեւ ջանք չխնայենք խճանկարը զարգացնելու:

Վա՛րձքը կատար մուսալեռցի մեր նախահայրերուն,

վա՛րձքը կատար Այնճարի հիմնադիր սերունդին:

Վա՛րձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ պահպանեցին մեր աւանդութիւնները, մշակոյթը, բարբառն ու սովորութիւնները:

Եւ յաջողութիւն մեզի` նոր սերունդին, շարունակելու համար մեզի վստահուած ծանր, բայց հաճելի աշխատանքը: