
Նոր Հրատարակութիւններ
Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան
– «Արամ Մանուկեան – Նամականի», ժողովածուի կազմութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ` Երուանդ Փամպուքեան, հրատարակութիւն Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական Հետազօտութիւնների Հիմնարկի, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018:
– Արիսեան Նորա, «Հայոց տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ` 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին», յառաջաբանը` Նեպիլ Թոհմէի, Տամասկոս, «ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, 135 էջ (արաբերէն):
– Եորկի Հայկ Ժան, «Հայոց այբուբենի պատմութիւնը եւ ծագումը», Քլերմոն-Ֆերրան քաղաք, Ֆրանսա, 2017, 180 էջ (մաշտոցեան գիրերու համեմատումը յունական ու եբրայական այբուբեններու գիրերուն հետ, Աստուածաշունչ Մատեանի ազդեցութիւնը հայոց գիրերուն վրայ) (ֆրանսերէն):
– Եսայեան Զապէլ, «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» (մէկ կողքի տակ), «Երկու վէպ» վերջաբանը` Գրիգոր Պըլտեանի, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018 (գիրքի վերջաւորութեան` Սեւան Տէյիրմենճեանի բանասիրական ուսումնասիրութիւնը) (երկու վէպ):
– Եօթնեղբարեան Լեւոն, «Անապատի ագռաւներ – Լեւոն Եօթնեղբարեանի յուշերը», անգլերէնէ արեւելահայերէն թարգմանեցին Արամ Գույումճեանը եւ Հայկ Մովսիսեանը, խմբագիրներ` Լեւոն Փարեան եւ Մարօ Փարեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 152 էջ (14,2 x 21,4 սմ.) (առաջին աշխարհամարտին օսմանեան բանակ զօրակոչուած եդեսացիի յուշերը, բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Էօքեր Ահմէտ Ֆեւզի, «Մեր երաժշտութեան երանգ տուողներ (Հայ երաժիշտներ)», Էմ. Ճէ. հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 150 էջ (հայազգի երաժիշտներու ներդրումը թրքական երգարուեստին, բազմաթիւ լուսանկարներ) (թրքերէն):
– Թաշճեան Լոռի, «Ցեղասպանութիւնը վերապրածների ծննդավայրերը Լիբանանի տապանագրերում», Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի գիտական ուսումնասիրութիւններ մատենաշար թիւ 18, Հ. Ճ. Ու. հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 164 էջ (20,8 x 29,4 սմ.) (Լիբանանի հայկական գերեզմանատուներուն մէջ մինչեւ 1916 թուականը ծնածներու տապանաքարերու լուսանկարներ, տապանագիրներու շարադրանքներ, քարտէսներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):
– Հատտէճեան Ռոպեր, «Մարդիկ, որոնք անցան կեանքիս մէջէն», Ա. հատոր, «Յուշատետր» մատենաշար թիւ 88, Սթամպուլ, 2018 (յուշեր, լուսանկարներ):
– Ճպրան Խալիլ Ճպրան, «Մարգարէն», Բ. հրատարակութիւն, անգլերէնէ թարգմանողներ` Վազգէն Էթիեմէզեան, Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ Հրաչ Սարգիսեան, հրատարակութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան, տպարան կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 2018:
– «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առաջին աշխարհամարտի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներին (1914-1920թթ.)», Ա. եւ Բ. հատորներ, կազմող` Գոհար Աւագեան, գլխաւոր խմբագիր` Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Վաղարշապատ, 2018, 678 + 648 էջ (393 + 456 փաստաթուղթ, հրապարակուած փաստաթուղթերու, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Երկհատորեակը լոյս տեսած է Փառէն արք. Աւետիքեանի մեկենասութեամբ:
– Մելքոնեան Մարգար, «Եղբօրս Ճանապարհը», «Թատէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018 (ֆրանսերէն) (Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքի եւ գործունէութեան մասին):
– Մինասեան Էտուըրտ, «Անոնք Արարատէն եկան», Գալիֆորնիա, 2018, 372 էջ (հայոց պատմութեան, հայոց ցեղասպանութեան եւ ամերիկահայ գաղութի կազմաւորման պատմութեան մասին) (անգլերէն):
– Մխճեան-Յովակիմեան Շաքէ, «Իմաստուն խօսքեր, ժողովրդական ասոյթներ, մտածումներ, խորհուրդներ եւ առածներ», տպագրութիւն «Նուպար տիճիթըլ», Գահիրէ, 2017:
– Յարութիւնեան Աւետիս, «Վան-Վասպուրականի կրօնա-մշակութային կեանքը եւ պետականութեան ստեղծման փորձը (1908-1918)», հրատարակութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական մարմինի, Վաղարշապատ, 2018: Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:
– Պապեան Մհեր, «Սուրբ Յովհան Իմաստասէր Օձնեցի – Կեանքը եւ գործունէութիւնը», Բ. հրատարակութիւն, պատասխանատու խմբագիր` Սերկօ Երիցեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 172 էջ (14,5 x 20 սմ.): Գիրքը տպագրութեան պատրաստած է «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութիւնը եւ նուիրուած է «Ս. Յովհան Գ. Օձնեցի հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեակին (717-728)»: Մեկենասն է Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեանը (ռուսերէն ամփոփում, գունաւոր լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, բնագիրներ):
– Պուռնութեան Ճորճ, «Հայաստանը եւ կայսրութեան փլուզումը. Երեւանի նահանգը, 1900-1917», «Ռութլեճ» հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2018 (20-րդ դարի առաջին երկու տասնամեակներուն ցարական Ռուսիոյ Երեւանի նահանգի ժողովրդագրութիւնը, տնտեսութիւնը եւ հասարակական յարաբերութիւնները) (անգլերէն):
– «Սփիւռքահայ պատմուածք», կազմեց եւ խմբագրեց Յովսէփ Նալպանտեան, Լոս Անճելոս – Երեւան, 2018, 434 էջ (43 հեղինակի 44 պատմուածքներու ընտրանի):
– Րաֆֆի, «Խենթը», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:
– «Քեամարա գաւառը եւ նրա հայ ազգաբնակչութիւնը», հրատարակութիւն Քեամարա հայրենակցական յանձնախումբի, Լոս Անճելոս, 2017, 284 էջ (Իրանի Քեամարա գաւառի 20 հայաբնակ գիւղերուն մասին):