4 Ամսուան Ընթացքին 7900-ով Աւելի Շատ ՀՀ Քաղաքացի ՌԴ Գաղթած է
2019 Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն, 2018-ի համեմատ, Ռուսիոյ Դաշնութիւն գաղթած է 7900-ով աւելի շատ ՀՀ քաղաքացի։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտնած է Economy Times-ը։
Ընթացիկ տարին ՌԴ տարածք գաղթած ՀՀ քաղաքացիներուն թիւը կազմած է 12,800, մինչդեռ նախորդ տարի այդ թիւը կազմած էր 4900։
Կը նշուի, որ ՌԴ ներգաղթի հոսքը տարբեր այլ երկիրներէ՝ նշուած ժամանակահատուածին՝ գերազանցած է նախրոդ 10 տարուան ցուցանիշը։
