
Ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին Առաջադրած է Որպէս Հայաստանի մէջ ԵՄ Նոր Դեսպան
Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին առաջադրած է որպէս Հայաստանի մէջ Եւրոմիանութեան նոր դեսպան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ԵՄ պաշտօնական կայքը:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ դեսպանի հաւատարմագիրները ընդունելէ ետք ան պիտի փոխարինէ Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Փէօթր Սվիտալսքին:
Անտրէա Վիքթորինն այժմ կը զբաղեցնէ Պելառուսիոյ մէջ ԵՄ դեսպանի պաշտօնը: