52 Երկիրներու Շարքին Հայաստանը Արժանացած է ԱՃԹՆ-ի Նախագահութեան Յատուկ Մրցանակին

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Լիլիա Շուշանեան, Յունիս 18-ին, մասնակցած է Արդիւնահանող ճիւղերու թափանցիկութեան նախաձեռնութեան (ԱՃԹՆ) 2019-ի Համաշխարհային համաժողովին։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։

Երեք տարին մէկ իրականաուող այս համաժողովը ԱՃԹՆ-ի 52 անդամ երկիրներու եւ արդիւնահանող ոլորտի շահառուներու համար բացառիկ հարթակ կը հանդիսանայ բնագաւառի կառավարման եւ ԱՃԹՆ-ի ազդեցութեան հետ կապուած բազմաբովանդակ քննարկումներու համար:

Համաժողովին առաջին օրը տեղի ունեցած է ԱՃԹՆ-ի ազգային համակարգողներու հանդիպումը, ուր ներկայացուած են ԱՃԹՆ-ի չափանիշին նոր պահանջները։ ԱՃԹՆ-ի խորհուրդը հաստատած է ԱՃԹՆ-ի վերանայուած չափանիշը, որ համալրուած է պայմանագրերու հրապարակման, բնապահպանական հաշուետուողականութեան, տուեալներու համակարգային բացայայտման, ծինային եւ շարք մը նոր պահանջներով։ ԱՃԹՆ-ի խորհուրդի նախագահ ընտրուած է Նոր Զելանտիայի նախկին վարչապետ, ՄԱԶԾ-ի նախկին համակարգող տիկին Հելեն Քլարքը։

52 երկիրներու շարքին Հայաստանը եւ եւս երկու պետութիւն ԱՃԹՆ Համաշխարհային համաժողովի ժամանակ արժանացած են ԱՃԹՆ-ի նախագահութեան մրցանակին, որուն առնչութեամբ՝ համաժողովի բացման ժամանակ՝ ԱՃԹՆ նախագահ Ֆրետրիք Ռայնֆելտ նշած է․ «Նորեկ երկրի անդամակցումը ԱՃԹՆ-ին սկսաւ նորարարութեամբ եւ բարձր քայլերով։ Խթանելով կառավարութեան, արդիւնահանող կազմակեպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ համագործակցութիւնը՝ ԱՃԹՆ-ն օգնած է բազմաշահառու կողմերուն համար ստեղծել բնական միջոցներու կառավարման շուրջ երկխօսութեան նոր մշակոյթ: Հետեւելով համակարգային տուեալներու բացայայտման ուղիին՝ Հայաստանի ԱՃԹՆ-ն ստեղծած է համակարգային տուեալներու բացայայտման առցանց հաշուետւութիւններու համակարգ, որ կը ծառայէ իբրեւ տուեալներու մուտք»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը Արդիւնահանող ճիւղերու թափանցիկութեան նախաձեռնութեան անդամակցութեան գործընթացը սկսած է 2017 թուականին: Հայաստանը յաջողած է ոչ միայն կարճ ժամկէտներու մէջ եւ արդիւնաւէտօրէն իրականացնելու միջազգային չափանիշի ներդրման աշխատանքները, այլեւ հանդէս եկած է նորարարական լուծումներու ներդրումով՝ մշակելով տուեալներու հաւաքագրման առցանց համակարգ, որ կը տրամադրէ անհրաժեշտ տեղեկատւութիւնը բաց ձեւաչափերով:

Արդիւնահանող ճիւղերու թափանցիկութեան նախաձեռնութիւնը (ԱՃԹՆ) բնական պաշարներու բաց եւ հաշուետու կառավարումը խթանող համաշխարհային չափանիշ է: ԱՃԹՆ-ի նպատակն է աւելի թափանցիկ եւ հաշուետուողական պետական ու գործարար համակարգերու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ հանրային երկխօսութեան կայացման խթանելը՝ ատով իսկ երաշխաւորելով կողմերուն միջեւ փոխըմբռնումը: ԱՃԹՆ-ի արժէքաւոր առանձնայատկութիւնը որոշում ընդունող եռակողմ մարմնի՝ բազմաշահառու խումբի (ԲՇԽ) ձեւաւորումն ու գործունէութիւնն է։ Հայաստանի ԲՇԽ առաջին կազմը ստեղծուած է 2016-ին, որ բաղկացած է ՀՀ կառավարութեան, հանքարդիւնահանող ընկերութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան իրաւահաւասար ներկայացուցիչներէ, որոնց որոշումները կ՝ընդունուին ընդհանուր համաձայնութեամբ։ ՀՀ կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս ներկայացուած ԱՃԹՆ-ի անդամակցութեան յայտը հաստատուած է 2017 Մարտ 9-ին, Պոգոտայի մէջ կայացած ԱՃԹՆ-ի խորհուրդի նիստին: Երկիրը թեկնածու անդամ դառնալէն ետք՝ ԱՃԹՆ-ի միջազգային խորհուրդին կողմէ սահմանուած ժամկէտներուն մէջ ԱՃԹՆ-ի առաջին ազգային զեկոյցը հրապարակած է 2019 Յունուարին: