Նարինէ Խաչատուրեան Նշանակուած է ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարի Տեղակալ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում ստորագրած է Նարինէ Խաչատուրեանը (Թուխիկեան) ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ նշանակելու մասին:

ՀՀ վարչապետին որոշումը հրապարակուած է կառավարութեան e-gov.am կայքին մէջ:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով` Նարինէ Խաչատուրեանին նշանակել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի (մարմնամարզութեան-ԵՌԳ․(նախարարի տեղակալ»,- ըսուած է որոշման մէջ: