Լիբանանահայ Նկարիչ Ժան Պօղոսեանի Գործերը Ներկայացուեցան Ժընեւի ՄԱԿի Կեդրոնին Մէջ

Սփիւռք

Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ ներկայացուեցան լիբանանահայ նկարիչ եւ քանդակագործ Ժան Պօղոսեանի գործերը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ֆորպզ» (Forbes)։

«Կանգնեցո՛ւր Կրակը» խորագիրով ցուցահանդէսը մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ պատկերելու բարդութեամբ եւ, ընդհանրապէս, իր գոյութեամբ, որովհետեւ նկարիչը իր ուրոյն կտաւները կը ստեղծէ յատուկ գործիքի՝ զօդիչի օգնութեամբ»։

Ըստ «Ֆորպզ»-ի՝ Պօղոսեանը ոգեշնչած են ՄԱԿ-ի 17 նպատակները. մեր աշխարհի վերափոխման համար՝ տնտեսական աճի խթանում, կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային պաշտպանութեան եւ գործ ապահովելու հարցերու լուծում, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքար եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հարցերը։

«Ժան Պօղոսեան կը փափաքի, որ իր գործերը նպաստեն մեր խիղճի եւ արուեստին անհատական փոխգործակցութեան ձեւաւորման», կ՛եզրակացնէ «Ֆորպզ»-ը։