Խաչանով՝ Աշխարհի Թենիսի Մարզիկներու Լաւագոյն Տասնեակին Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Սփիւռք

Արհեստավարժ թենիսի «Ռոլան Կարոս» մրցաշարքին մէջ 10-րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով՝ մրցաշարքին քառորդ աւարտականին հասնելով՝ պիտի ընդգրկուի Յունիս 10-ին հրապարակուելիք աշխարհի թենիսի մարզիկներու լաւագոյն տասնեակի նորագոյն ցանկին վրայ։ Այս մասին, ըստ Panarmenian.net-ի, կը գրէ «championat.com» կայքը:

Նախորդ ցանկին վրայ Խաչանով 11րդ դիրքը կը գրաւէր։

Նշենք, որ 23-ամեայ Խաչանով առաջին անգամն ըլլալով հասաւ «Կրենտ Սլեմ» մակարդակի մրցաշարքի մը քառորդ աւարտականին, ուր Յունիս 6-ին պիտի ճակատի մրցաշարքին մէջ 4-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիմի դէմ:

Յիշեցնենք, որ Խաչանով քառորդ աւարտականին հասած էր՝ պարտութեան մատնելով 8-րդ դասուած արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօն:

«Ասիկա այն է, յանուն ինչի ես կ՝աշխատիմ՝ այս պահերով ապրելու համար: Երբ յաղթես այսպիսի խաղի մը, ուղղակի երջանիկ ես: Երջանիկ ես բոլոր գործադրուած ջանքերուն, կայացած հանդիպումներուն համար»,- ըսած է Խաչանով իր յաղթանակէն ետք: