ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը 150 Հազար Տոլարի Դեղորայք Կը Նուիրէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը 4 Յունիսին յայտարարեց, որ համագործակցութեամբ եւ նուիրատուութեամբ Lernapharm ընկերութեան, 150,000 տոլար արժողութեամբ 2 բեռնարկղ դեղորայք առաքեց դէպի հայրենիք:

Բեռնարկղները կը պարունակեն 400,000 քանակութեամբ վիրաբուժական հեղուկ հականեխիչ տոպրակներ եւ 400,000 հականեխիչ ցպիկներ:

Բեռնարկղներու պարունակութիւնը հաւասարութեամբ պիտի բաժնուին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հիւանդանոցներուն:

«ՀՕՄ-ը՝ իբրեւ մարդասիրական կազմակերպութիւն, գիտակցելով ճգնաժամային օրեր ապրող մեր հայրենիքի պայմաններուն, ընդմիշտ կը մնայ զօրավիգ հայրենի պետականութեան, հայ զինուորին եւ ժողովուրդին, խնամատար՝ անոնց անսահման կարիքներուն. իր ազգանուէր գործունէութիւնը կը շարունակէ, շնորհիւ իր ծրագիրներուն հաւատացող եւ իրենց նիւթական թէ բարոյական ներդրումը բերող ազգայիններու անշահախնդիր աջակցութեան:

Առ այդ, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու դեղորայքի նուիրատու Lernapharm ընկերութեան սեփականատէր եւ Մոնթրէալի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Ռազմիկ Մարկոսեանին՝ իր հայրենանպաստ նուիրատուութեան համար»,- կը նշուի ՀՕՄ-ի հաղորդագրութեան մէջ: