Ապրիլեան Պատերազմին Հարցերը Պիտի Քննուին Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովին Կողմէ

Հայաստան

47 պատգամաւորներու խնդրանքով, Ազգային ժողովը կազմեց խորհրդարանական յանձնաժողով մը, որ պիտի ձեռնարկէ 2016ի ապրիլեան իրադարձութիւններուն հետաքննութիւնը: Այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան: Սահմանադրական օրէնքին համաձայն՝ այս յանձնաժողովի լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մշտական յանձնաժողովը, որուն նախագահն է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար, «Իմ Քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան:

Յիշեցնենք, որ յանձնաժողովի կազմութեան մտադրութեան մասին նախապէս յայտնած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: