
Լրջացէ՛ք՝ Յանուն Հայաստանի
«Գանձասար»-ի խմբագրական
2018-ին Հայաստանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումը նոր էջ բացաւ երկրի ներքաղաքական կեանքին մէջ. էջ մը, որուն հետ ծնունդ առին նոր յոյսեր:
Բնականաբար երկիր մը իրավիճակէ մը այլ իրավիճակ անցումը դուռ պիտի բանայ տարակարծութիւններու, թեր ու դէմ կարծիքներու, սակայն այս տարակարծութիւնները երբեմն նեղ, անձնական հաշիւներու մէջ մտնելով ընդհանրական շահերուն ծառայելու փոխարէն ներքին լարուածութիւններու եւ անհանդուրժողութեան ալիք մը բարձրացուցին: Ալիք մը, որ ոչ մէկ ներդրում կը բերէ մեր ժողովուրդին ակնկալած բարեփոխումներու բարւոք ընթացքին:
Երկրի ղեկավարութիւնը ունեցաւ բացարձակ իշխանութիւն եւ արժանացաւ ժողովուրդին վստահութեան՝ երկրէն ներս տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնելու եւ փտածութիւնը վերացնելու համար: Դաշնակցութիւնը միացաւ շարժումին այս հաւատքով ու վստահութեամբ: Սակայն երբ երեւան սկսան գալ մտահոգիչ երեւոյթներ՝ Արցախ-Հայաստան ներազգային արհեստական բաժանարար գիծերու յառաջացում, գործադիրի միջամտութիւն կառավարման այլ ճիւղերու գործունէութեան, երկրի մէջ փոխադարձ անվստահութեան մթնոլորտի լարում, եւ վերջերս դատարաններ շրջափակելու եւ դատաւորներ աշխատանքէ արձակելու կոչեր, առանց դատաիրաւական համակարգի արմատական բարեփոխումներուն առաջնորդող, ազգային ժողովով ամրագրուող սահմանադրական լուրջ քայլերու, բնականաբար պիտի բարձրանային նաեւ կառուցողական քննադատութեամբ հանդէս եկող կողմեր՝ երկրէն ներս ստեղծել տալու աշխատանքի այնպիսի եղանակ, որ ոչ թէ ժամանակաւոր հարցեր պիտի լուծէ, այլ պիտի բարեփոխէ պետական կառավարման ողջ համակարգը:
«Լրջացէ՛ք՝ Յանուն Հայաստանի» Դաշնակցութեան հանրահաւաքը կոչ մըն է կառավարութեան՝ վեր մնալու ամէն տեսակ նեղ հաշիւներէ եւ օրինական միջոցներով, սահմանադրական կարգով փոփոխութիւններ կատարելու, պետական կառոյցները անխախտ պահելու եւ գետնի վրայ գէթ հայեցակարգային մակարդակով տնտեսական խոստացուած բարեփոխումներուն մեկնարկը կատարելու:
Քաղաքական ոչ մէկ ուժ կը հերքէ դատական համակարգի եւ այլ ոլորտներու մէջ արմատական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը: Տարակարծութիւնները աշխատանքի ձեւին ու միջոցներուն շուրջ է որ կը ստեղծուին եւ օրըստօրէ կ’ընդլայնին:
Տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու ժողովրդային պահանջ գոյութիւն ունի ու պիտի շարունակուի, սակայն ցուցական աշխատանքներու ժամանակը անցած է, ժողովուրդին պահանջներուն գործնապէս անսալու, քաղաքական ուժերու գործակցութեան որակեալ հարթակը ապահովելու լրջութեան ահազանգն է, որ կը հնչեցնէ Դաշնակցութիւնը կրկին, հայրենիքի յառաջընթացին նպաստելու միասնաբար, զերծ պահելով մեր երկիրն ու ժողովուրդը անտեղի լարուածութիւններէ: