
ԵՊՀ Տնօրէն Արամ Սիմոնեան Հրաժարական Տուաւ
Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան հրաժարական տուաւ:
Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով տեղեկացուցած է ԵՊՀ հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Գէորգ Էմին Տէրեանը:
Ըստ Tert.am-ի՝ հրաժարականի պատճառներու մասին Արամ Սիմոնեան յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ աւելի ուշ:
Յիշեցնենք, որ Մայր համալսարանին մէջ անոր հրաժարականի պահանջով բազմաթիւ ցոյցեր տեղի ունեցած էին, անոր հրաժարականի անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր նաեւ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
Արամ Սիմոնեան ԵՊՀ տնօրէն ընտրուած էր 2006-ի Մայիսին, 2011-ին վերընտրուած էր նոյն պաշտօնին համար: