
Չինական Ընկերութիւնը Ստեփանաւանի Մէջ Հանքային Ջուրերու Ադիւնահանման եւ Շշալցման Ներդրումային Ծրագիր Պիտի Իրականացնէ
ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Նիու Իտա» ՍՊ ընկերութեան կողմէ ներկայացուած՝ Լոռի մարզի Ստեփանաւան համայնքի Կաթնաղբիւր վարչական տարածքին մէջ իրականացուելիք ներդրումային ծրագիրին հարկային արտօնութիւններ տրամադրելու նախագիծին։
Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ընկերութիւնը ներկայացուցած է հանքային ջուրի արդիւնահանման եւ շշալցման գործարանի կառուցման ներդրումային ծրագիր, որուն համաձայն՝ կը նախատեսէ շուրջ 5 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ներդրում եւ 20-50 նոր աշխատատեղի ստեղծում 5 տարուան ընթացքին:
ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտնած է, որ «Նիու Իտա»-ն չինական ընկերութիւն է, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ ջուրերու արտադրութիւն սկսիլ: «18 ամսուան ընթացքին ներդրողը պէտք է կատարէ բոլոր նախատեսուած ներդրումները՝ 5 միլիոն տոլարի ներդրում»:
ՀՀ վարչապետը հետաքրքրուած է, թէ որքա՞ն աշխատատեղ պիտի բացուի ներդրումային ծրագիրը կեանքի կոչելու իբրեւ արդիւնք: Սուրէն Պապիկեան ընդգծած է, որ մօտաւոր 50 աշխատատեղ պիտի բացուի, բայց շեշտած է, որ ատիկա մօտաւոր հաշուարկ է, քանի որ աշխատատեղերու թիւը կրնայ աւելնալ: