
Նիկոլ Փաշինեան Եւ Թորպիոռն Եակլանտ Համաձայնած Են` Դատական Համակարգի Բարեփոխումները Պէտք Է Համապատասխանեն Սահմանադրութեան
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ` քննարկելով Հայաստանի մէջ առկայ իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Զրուցակիցները համաձայնած են, որ փտածութեան դէմ պայքարը եւ դատական համակարգի բարեփոխումները պէտք է համապատասխանեն Սահմանադրութեան, միջազգային չափանիշներուն եւ, իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւն, Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
Թորպիոռն Եակլանտ հաստատած է կազմակերպութեան լիակատար աջակցութիւնը Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին:
Մօտ ապագային Եւրոպական խորհուրդի փորձագէտներ պիտի այցելեն Երեւան` բարեփոխումներուն համար անհրաժեշտ խորհրդատւութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: