Գանատայի Առաջնորդը Այցելեց Արցախի Վերաբնակեցուած ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ Գիւղ

Հայաստան, Սփիւռք

13 Մայիս 2019-ին, Գանատայի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին՝ այցելեց ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղը եւ հանդիպեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։

Արցախի Հանրապետութեան մէջ գտնուող գիւղերը ունին սահմանափակ կարելիութիւններ եւ անմիջական օժանդակութեան կարիք, յատկապէս սահմանային դիրքի վրայ գտնուող գիւղերը, որոնք արօրեայ ապահովութեան հարցեր կը դիմագրաւեն:

Անցեալին Նոր Ղազանջի գիւղը, որ այժմ վերանուանուած է ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ անունով, կը գտնուի Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Արցախի հիւսիսային սահմանին մօտ։ Ան Արցախի ապահովութեան համար ռազմավարական խիստ կարեւորութիւն ներկայացնող շրջան մըն է:

Արցախի Հանրապետութեան առաջադրանքով, ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման հովանաւորութիւնը ստանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մասնակցութեամբ կաթողիկոսութեան բոլոր Թեմերուն:

ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղի վերաշինութեան եւ հայրենակերտման ծրագրին, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը մասնակցեցաւ $150,000 տոլարի գումարով, եւ վերջերս Տէր եւ Տիկին Ալպէր եւ Լէյլա Արոյեանները նուիրեցին $200,000 գիւղին մէջ կառուցելով չորս բնակարաններ։

Horizon Weekly Newspaper