Արցախի Մէջ Առաջին Երեք Ամիսներու Ընթացքին 411 Երեխայ Ծնած է

Հայաստան

Ընթացիկ տարուայ առաջին երեք ամիսներուն Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններու մէջ ծնած է 411 երեխայ, որոնցմէ 206-ը ՝ տղայ, 205-ը՝ աղջիկ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը՝ մանրամասնելով, որ  Արցախի մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը 2019 թուականի առաջին եռամսեակին կազմած է 431 երեխայ, որոնցմէ 214-ը՝ տղայ, 217-ը՝ աղջիկ: Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ միայն 336 երեխայ ծնած է Ստեփանակերտի մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի մէջ: Առաւելագոյն ծնունդներ շրջաններէն գրանցուած է Մարտակերտի մէջ՝ 37 երեխայ, ապա՝ Մարտունի՝ 28, Հադրութ՝ 9, Շահումեան՝ 1: Երեք ամիսներու ընթացք արձանագրուած է զոյգ երեխաներու 5 ծնունդ՝ բոլորը բնական բեղմնաւորման արդիւնքով: