
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Ընդունած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը
Մայիս 20-ին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ այցելած է ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի (Armenian National Committee of America) կեդրոնատեղի եւ հանդիպած կազմակերպութեան ղեկավար կազմին հետ, կը տեղեկացնեն ՀՀ Անվտանգութեան խոհուրդէն:
Հանդիպման սկիզբը քարտուղար Գրիգորեան ներկայացուցած է իր աշխատանքային այցի մանրամասնութիւնները, տեղի ունեցած եւ նախատեսուող հանդիպումները, ձեռնարկները եւ արձանագրուած արդիւնքները: ԱՀԱԿ գործադիր տնօրէն Արամ Համպարեան ներկայացուցած է յանձնախումբի ներկայ աշխատանքները եւ նպատակները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացները եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:
Աւելի ուշ ԱԽ քարտուղարը հանդիպած է «Ամերիկայի Հայկական Համագումար»ի (Armenian Assembly of Armenia) գործադիր տնօրէն Բրայեան Արտունի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու, ԱՄՆ հայկական համայնքին և սփիւռքի կառոյցներու հետ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր։