
Հայաստանի Իշխանութիւններու Յաջողութիւնը Համայն Հայութեան Յաջողութիւնն է. Աշոտ Ղուլեան
«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները կը վերաբերին բոլորիս: Միակ մտահոգիչ հանգամանքը այդ գործընթացներուն մէջ Արցախ-Հայաստան հակասութիւններ յարուցող տարբեր խումբերու ու անհատներու չմտածուած մեկնաբանութիւններն են:
Այն գործընթացները, որոնք սկիզբ առած են մէկ տարի առաջ՝ ժողովուրդի իշխանութեան ամրապնդման եւ հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման համար, կը պահանջեն բոլորիս աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը:
Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւններու յաջողութիւնը համայն հայութեան յաջողութիւնն է՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ»,- կ՛ըսուի Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի յայտարարութեան մէջ: