
ՀՀ Կառավարութիւնը Քայլեր կը Ձեռնարկէ Հայաստանի Մէջ Օդագնացութեան Զարգացման Ուղղութեամբ
Օդագնացութեան զարգացումը կը գտնուի ՀՀ իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կը ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր։
ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ոլորտի զարգացման նպատակով ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարի տեղակալ Արմէն Արզումանեան, ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեան, կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արսէն Պօղոսեան շրջայց կատարած են Կապանի, Ջերմուկի եւ Գորիսի օդակայեաններուն ուղղութեամբ:
Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ, փոխնախարարին ներկայացուած են օդակայանի ենթակառուցուածքները, շէնքային պայմանները, օդակայանին մէջ արդէն իսկ կատարուած շինարարական աշխատանքները:
Ոլորտի պատասխանատուները ծանօթացած են նաեւ ռուսական «Պոբեդա» թռիչքուղիներուն ընկերութեան կողմէ իրականացուող Գիւմրի-Մոսկուա չուերթի ուղեւորներու սպասարկման գործընթացին, ներկայ եղած են հաշուառման:
Հանդիպման ընթացքին արձանագրուած նկատառումները ներկայացուած են ընկերութեան եւ «Շիրակ» օդակայանի ներկայացուցիչներուն: