
Յեղափոխութիւնը Պիտի՛ Յաջողի
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան անցեալ Ուրբաթ, Օգոստոս 17-ին, հետեւեալ ելոյթով հանդէս եկաւ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ձեւաւորուած եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան հարիւր օրուան առիթով զօրակցական հաւաքին ընթացքին.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի անունով կ՝ողջունեմ եւ կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ծնած Նոր կառավարութեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին 100 օրերը:
Ահա՛ եկած է պատմական առիթը ստեղծելու Նո՛ր Հայաստան:
Հայաստան՝ ուր օրէնքը կը պաշտպանէ իր բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքը հաւասարապէ՛ս:
Հայաստան՝ առանց մենաշնորհներու:
Հայաստան՝ արդար ու ժողովրդավարական կարգերով:
Հայաստան՝ ուր ամէն հայ կ՛ապրի արժանապատիւ պայմաններու մէջ:
Հայաստան՝ հասարակական ու տնտեսական վերելքներով ու կայուն զարգացումներով լի:
Հզօր Հայաստան՝ ուր հայրենիքի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը անզիջելի սկզբունքներ կը համարուին:
Յեղափոխութիւնը պէ՛տք է յաջողի, եւ այս դժուարին պարտականութիւնը միայն Հայաստանի կառավարութեան ուսերուն պէտք չէ բարդուած ըլլայ, այլ՝ ատիկա հնարաւոր է ամէն հայու եւ հայկական կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, ընդհանուր կարելիութիւններու օգտագործումով եւ մեր հաւաքական ուժերու ընդհանուր զօրաշարժով։
Յեղափոխութեան յաջողութեան գործին՝ Սփիւռքի մէջ դերակատար ենք մենք բոլորս: Համագործակցաբար, մենք մեր բոլոր լծակները գործի մղելով՝ պիտի դառնանք այն հզօր բազուկը, որ կը զօրացնէ մեր հայրենիքը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այսօր մաս կը կազմէ Հայաստանի նոր կառավարութեան, որպէսզի իր ներդրումն ունենայ այս կառավարութեան եւ յեղափոխութեան յաջողութեան համար տարուած աշխատանքներուն մէջ՝ յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն:
Դաշնակցութիւնը հայրենիքի, Արցախի, Ջաւախքի ու Սփիւռքի մէջ կ՝ընէ իր կարելին՝ օժանդակելու Հայաստանի նոր կառավարութեան:
Դաշնակցութիւնը հաւատացած է, որ իշխանութեան թէ՛ յաջողութիւնը եւ թէ ձախողութիւնը բոլորի՛նս է:
Յեղափոխութիւնը պէ՛տք է յաջողի, որովհետեւ ան ծնաւ ժողովուրդին ծոցէն, ժողովուրդին համար: Յեղափոխութիւնը փարատեց տարիներու յուսահատութիւնը եւ յոյսի սերմեր ցանեց մեր սրտերուն մէջ:
Յեղափոխութիւնը անշրջելի՛ է: Յեղափոխութիւնը պէ՛տք է յաջողի եւ հայ ժողովուրդը պիտի փաստէ, որ ի՛նքն է տէրը իր ճակատագրի, եւ ի՛նքն է տէրը իր երկրի: