Պաքուն Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար Կառուցողական Բանակցութիւններ Սկսելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Աշխարհ, Հայաստան

Պաքու Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծման համար կառուցողական բանակցութիւններու սկսելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով 25 տարի առաջ կնքուած զինադադարի համաձայնագիրին, յայտարարած է. «Հայաստան պէտք է հրաժարի իր ժողովուրդն ու միջազգային ընտանիքը խաբելու փորձերէն, դադրեցնէ նախայարձակումի եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը, հետեւի իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ կառուցողական ձեւով մասնակցի բանակցային հոլովոյթին` տագնապին արագ լուծման համար»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ անհրաժեշտ է ապահովել «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բռնի գաղթածներու վերադարձը իրենց տուներ, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական շրջան եղող Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ատրպէյճանցի համայնքներու խաղաղ գոյակցութիւնը»:

«Ատիկա պիտի դառնայ հիմք` Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններու վերականգնման եւ շրջանի տեւական խաղաղութեան, անվտանգութեան ու զարգացման համար»,- յայտարարած է նախարարութիւնը:

Ատրպէյճանական կողմը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ զինադուլի դրութիւնը կը նշանակէ որեւէ տեսակի զինուորական գործողութեան դադրեցում: «Այսինքն, ատիկա ո՛չ միայն զինադուլ է, այլ նաեւ զինուորական ուժերու դուրս բերումը տագնապի գօտիէն»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ափսոսանք յայտնելով, որ Երեւան կը մերժէ բովանդակային բանակցութիւնները: