
Ռոպերթ Քոչարեանի Առանձնատան Եւ Գրասենեակին Մէջ Խուզարկութիւն Կատարուած է
ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին պատկանող տարածքներու մէջ խուզարկութիւն կատարուած է: Այս մասին կը յայտնեն Յատուկ քննչական ծառայութենէն:
«Մարտ 1-ի գործի ծիրէն ներս խուզարկութիւն կատարուած է Ռոպերթ Քոչարեանի առանձնատան ու գրասենեակին մէջ,- կը հաղորդէ ՀՔԾ-ն` նշելով, որ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն:
Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեան իր հերթին յայտնեց, որ այդ խուզարկութիւնը կատարուած է 2-3 շաբաթ առաջ:
«Չես գիտեր ինչու` հիմա որոշած են այդ տեղեկատւութիւնը տարածել, թէ ինչու, կը ձգեմ ընթերցողներու երեւակայութեան։ Թթէ ինչ նպատակ կը հետապնդէ խուզարկութեան մասին լուրերու ուշացած շրջանառութիւնը, կը ձգեմ ընթերցողներուն»,- ըսած է Սողոմոնեան: