Յորդառատ Անձրեւի Հետեւանքով Արտակարգ Իրավիճակ Ստեղծուած է Արմաւիր Մարզին Մէջ

Հայաստան

Յորդառատ անձրեւի հետեւանքով Օգոստոս 19-ին արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է ՀՀ Արմաւիրի մարզի Շէնիկ, Քարակերտ եւ Դալարիկ համայնքներուն մէջ․ անձրեւի ջուրը ողողած է մշակովի հողատարածքները, խաղողի այգիները, լեցուած բնակելի տուներու նկուղները եւ անասնագոմերը, կը տեղեկացնեն Արմաւիրի մարզպետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Ստեղծուած իրավիճակին տեղւոյ վրայ ծանօթանալու համար մարզպետ Գագիկ Միրիջանեանի յանձնարարութեամբ Շէնիկ, Քարակերտ եւ Դալարիկ համայնքներ այցելած է փոխմարզպետ Գագիկ Գաբրիէլեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը:

Պիտի Գործէ նաեւ յանձնաժողով՝ տուժածներուն վնասները գնահատելու համար։

Leave a Reply