
Շրջափակուած Պոլսոյ Մէջ՝ Մայիս 1-ի Ցնծութիւն
Մայիս 1-ին՝ Բանուորներու համաշխարհային զօրակցութեան օրը, բազմաթիւ արգելքներու դէմ յանդիման՝ նշուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ խուռներամ բազմութեան մը մասնակցութեամբ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս կառավարութիւնը գործադրեց իբրեւ թէ ապահովական եւ չափազանցուած կանխամիջոցներ, յատկապէս դէմ դնելու համար ցուցարարներուն «Թաքսիմ» հրապարակ ելլելու անկոտրուն կամքին: Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Ակօս»-ը։
Նման հաւանականութիւն մը կանխելու համար, ոստիկանութիւնը ձեռնարկած էր շատ խիստ միջոցներու: Քաղաքը անդամալոյծ եղած էր դէպի «Թաքսիմ» հասնող ճամբաներու շրջափակման պատճառաւ:
Այս բոլորին դիմաց, աշխատաւորական միութիւններու կազմակերպութեամբ՝ բիւրաւոր բանուորներ յաջողեցան մասնակցիլ հանրահաւաքին: Մինչ այդ, կարգ մը խմբակներ այս տարի եւս փորձեցին «Թաքսիմ» մուտք գործել, սակայն հանդիպեցան ոստիկանական բռնութեան:
Այս տարի բողոքները կեդրոնացած էին երկու կարեւոր հարցերու վրայ՝ սննդեղէնի ահաւոր սղաճին եւ հացադուլի դիմած քաղաքական բանտարկեալներու զօրակցութիւն ցուցաբերելուն: Այս երկու կարեւոր հարցերը կ՛անտեսուին կառավարութեան կողմէ եւ այդ անտարբերութիւնը ինքնաբերաբար տեղի կու տայ բողոքի ալիքի մը, անհանգստացնելով երկրի վարչակազմին անդորրը:
Մէկ բան յստակ է, որ իշխանութիւնները ի վիճակի չեն բանուորներու կամքը կոտրելու։ Միւս կողմէ, աշխատող դասակարգը մտադիր չէ իր դժուար պայմաններուն դէմ անտարբեր մնալ: