Ոստիկանները Բացայայտուած Ամէն Յանցագործութեան Համար Մեծ Պարգեւավճար Պիտի Ստանան
Ապրիլ 27-ին ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեան աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձած է յանցագործութիւններու բացայայտման համար լրացուցիչ պարգեւավճարներու նոր ներդրուած համակարգին:
ՀՀ ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցմամբ, ան շեշտած է, որ սա եզակի եւ աննախադէպ մօտեցում է:
«Մենք պատրաստ ենք առանց սահմանափակումի լրացուցիչ պարգեւավճարներ յանձնելու ծանր, առանձնապէս ծանր, ինչպէս եւ հասարակական հնչողութիւն ստացած յանցագործութիւնները բացայայտած ծառայողներուն»,- նշած է ան:
Ոստիկանութեան պետը ըսած է, որ յանցագործութիւններ բացայայտող ոստիկանները, բացի իրենց ստացած աշխատավարձէն, միշտ պիտի պարգեւատրուին լրացուցիչ մեծ գումարներով, որոնք որոշ պարագաներու քանի մը անգամ աւելի են քան աշխատավարձը, ուստի այս իրավիճակին մէջ առնուազն անընդունելի, անհասկնալի եւ անհանդուրժելի է ոստիկանի կողմէ հակաօրինական ճանապարհներով գումար ձեռք բերելու որեւէ դրսեւորում:
Խորհրդակցութեան աւարտին ծանր, առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ բացայայտած, ինչպէս եւ կեանքեր փրկած ոստիկանները արժանացած են դրամական պարգեւներու, որոնք հանդիսաւոր կերպով յանձնուած են անոնց: Իսկ ծրարներու մէջ եղած թուղթին վրայ նշուած են ծառայողի բացայայտած յանցագործութեան տեսակն ու պարգեւավճարի չափը: Գումարները պիտի փոխանցուին անոնց հաշուեհամարներուն: