
Շիֆ Կը Հերքէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին՝ Ռիատի Խոստացած Աջակցութեան Մասին «Լուր»ը
«Ազատութիւն»-ը, «Արմէնփրէս»-ը եւ հայկական այլ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան իշխանուհի Ռիմա պընթ Պանտար Սէուտ Ապրիլ 26-ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին խոստացած է նիւթապէս աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին:
Սակայն, Ապրիլ 29-ին, Շիֆի գրասենեակէն “Ասպարէզ” տեղեկացած է, որ լուրը ամբողջութեամբ շինծու է, իսկ այդ նպատակով կազմուած համացանցային կայքը կապ չունի քոնկրեսականին հետ։
Արդարեւ, գրասնեակին կողմէ կատարուած հետաքննութիւն մը բացայայտած է, որ համացանցային կայքը գնուած է այս տարուան Ապրիլ 24-ին, իսկ կեղծ լուրը տեղադրուած է Ապրիլ 26-ին․ եւ 29-ին կրցած է մեծ թիւով կարդացողներ ներգրաւել։
Յատկանշական է, որ «Ազատութիւն»-ը, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ կը հովանաւորուի, լուրը հաղորդած էր առանց ստուգելու անոր վաւերականութիւնը։