ԱՀ Նախագահը ՀՀ Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին Հետ Բանակաշինութեան Վերաբերող Շարք մը Հարցեր Քննարկած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 18-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը  հարցեր:

 

Leave a Reply